2017-01-03 10:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապին եպիսկոպոսներուն ուղղուած նամակը`''Պաշտպանենք մանուկները''։


(Ռատիօ Վատիկան) Անեցալ 28 դեկտեմբեր 2016-ին ըստ լատինաց ''Անմեղ Մանուկ Սուրբերու'' տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան  Քահանայապետը նամակ մը յղեց աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն, հրաւիրելով զանոնք ունկնդրելու բռնութեան թիրախ աշխարհի բազմաթիւ մանուկներուն ճիչը։

''Եկեղեցին կ՛ողբայ նաեւ այն բազմաթիւ անչափահասներուն համար որոնք սեռային չարաշահումի ենթարկուեցան քահանաներու կողմէ'' գրեց Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ նամակին մէջ հրաւիրելով պաշտպանել  մանուկները մերօրեայ հերովդէսներէն որոնք կը բռնաբարեն անմեղութիւնը։  

Սրբազան Քահանայապետը նամակին մէջ նշեց հուսկ մանուկներուն ապրած ողբերգութիւնները` ապօրինի եւ ստրկութեան աշխատանք, չարաշահում, բռնի գաղթականութիւն եւայլն...մատնանշելով թէ 75 միլիոն մանուկներ  ստիպուած եղան իրենց ուսումը ընդհատել, մինչ 2015 տարուայ ընթացքին սեռային վաճառականութեան թիրախ դարձած անձերու 68 առ հարիւրը անչափահասներ էին։ Ապա ՈՒՆԵՍՔՈՅԻ  տուեալներուն համաձայն` 2016էն մինչեւ 2030 թուական 5 տարեկանէն վար 68 միլիոն մանուկներ պիտի մեռնին անօթութեան պատճառաւ։

 

''Ունկնդրենք այս մանուկներուն ճիչը'' կը հրաւիրէ Քահանայապետը հաստատելով թէ ''Եկեղեցին կը դատապարտէ ու ներողութիւն կը խնդրէ քահանաներուն կողմէ գործուած մանկապղծութիւններուն համար'' որ ''ամօթալի մեղք մըն է'' ու եպիսկոպոսներէն կը խնդրէ որ նորոգեն իրենց յանձնառումը ''որպէսզի այսպիսի բռնութիւններ դարձեալ չի կրկնուին. Առ այդ` զէռօ հանդուրժողութիւն։

Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը խօսի Փրկչին ծննդեան  ուրախութեան մասին, ուրախութիւն մը սակայն որ պարուրուեցաւ ողբերգութեամբ մը` Հերովդէսի կողմէ սպաննուած մանուկներու ողբերգութիւնը։  

''Այդ մանուկներու մայրերուն ճիչը տակաւին կը լսուի նաեւ այսօր'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ նամակին մէջ ու հովիւներէն կը խնդրէ Սուրբ Յովսէփին նման քաջութիւն ունենալ դիմագրաւելու իրականութիւնը, ընդգծելով թէ Քրիստոնեաներու ուրախութիւնը չի կառուցուիր ճշմարտութիւնը հերքելով ու թէ հարկաւոր է պաշտպանել կեանքը` եւ այնպէս ընել որ մանուկներուն Աստուծոյ զաւակներու արժանապատուութիւնը ոչ միայն յարգուի այլ մշտապէս պաշտպանուի։

''Թոյլ չտանք որ անոնցմէ խլեն ուրախութիւնը։ Պահպանենք ու օգնենք որպէսզի անոնք աճին։ Այս ընենք նոյնինքն Սուրբ Յովսէփի հայրական հաւատարմութեամբ եւ Մարիամի` Քնքշութեան Մօր հովանիով, որպէսզի մեր սիրտը չի կարծրանայ'' կը գրէ Նորին Սրբութիւնը նամակին աւարտին որ կը կռէ 28 դեկտեմբեր 2016 թուականը. Տօն` ''Անմեղ Սուրբ ու նահատակ մանուկներուն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.